2015-01-21 09:38:01

Հոգեհանգստեան բազմամարդ արարողութիւն` փոքրիկն Սերիոժա Աւետիսեանի


Երեքշաբթի, 20 յունուարին, Գիւմրիի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ փոքրիկն Սերիոժա Աւետիսեանի հոգեհանգիստի բազմամարդ արարողութեան ժամանակ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայել եպս. Աջապահեան նախ կարդաց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ցաւակցական ուղերձը:
«Հրաժեշտ պիտի տանք այն մանուկին, որ մեր բոլորին ուշադրութեան առարկան էր: Մենք բոլորս աղօթեցինք, թէեւ գիտնալով, որ կրնան մեր աղօթքները չհասնիլ իրենց նպատակին, որովհետեւ ծանր էր, խոր էր վէրքը… Տղամարդու նման պայքարեցաւ 7 օր, 7 գիշեր եւ հանգեցաւ… Երկինքին մէջ աւելցաւ հրեշտակ մը եւս», ըսած է սրբազանը եւ աւելցուցած, որ Աստուած այնպէս տնօրինած է փոքրիկին ճակատագիրը, որ ան միանայ իր ընտանիքին: «Ցաւ կայ, վիշտ կայ մեր սրտերուն մէջ: Ես կ՛ուզէի ըլլալ պարզ մարդ, եկեղեցւոյ անկիւնին մէջ աղիողորմ լալ, բայց իմ պարտականութիւնս այսօր ձեզ, բոլորը մխիթարելն է: Սուրբ Հոգիով մխիթարուինք: Ուրախ եղէք, որ մենք բարեխօսներ ունեցանք երկինքին մէջ` ի դէմս Աւետիսեաններուն», ըսած է սրբազանը: Ան նաեւ նշած է, որ հիացած է ժողովուրդին տոկունութեամբ, համբերութեամբ, վշտակցութեամբ:
«Մենք հզօր ժողովուրդ ենք: Վիշտը պէտք է տանինք լուռ եւ աղօթքով, առանց ցնցումներու: 8-րդ զոհ պէտք չէ ըլլայ, 8-րդ մարդ պէտք չէ վիրաւորուի, անկախ ազգութենէն: Այդ ճիւաղը կորսնցուցած է մարդ կոչուելու իրաւունքը եւ պիտի ստանայ իր պատիժը` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Բոլորին պէտք է ցոյց տանք, որ մենք ցաւ կրնանք տանիլ, որովհետեւ մենք հզօր ենք, միայն հզօր մարդը կրնայ ցաւ տանիլ: Ասիկա համազգային ողբերգութիւն էր», եզրափակած է սրբազանը:







All the contents on this site are copyrighted ©.